2013-12-13 11:43:39

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը` Նորին Սրբութիւնը կը նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 44 -րդ տարեդարձը։


Ուրաբթ 12 դեկետմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի ''Ռէտէմթորիս Մաթէր'' Մատրան մէջ, մասնակցեցաւ Յիսնակաց շրջանի առթիւ` Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսայի ներկայացուցած երկրոդ մտածականին, որուն նիւթն էր` ''Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի հեզութիւնն ու Աւետարանի եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհը''։ 2013-ի յիսնակաց շրջանի որպէս խորհրդածութիւններու շարքին գլխաւոր նիւթ` Հայր Ռանիէրօ Քանդալամեսսան ընտրած է` ''Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի ընկերակցութեամբ դէպի Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը''։
Յայտնենք որ անցեալ ուրբաթ 6 դեկտեմբերին, առաջին խորհրդածութեան ընթացքին, Քահանայապետական Տան Քրոզիչը խօսեցաւ ''Ասիզացիի Ֆրանչիսկոսը եւ Եկեղեցւոյ վերանորոգումը սրբութեան ճանապարհով'' նիւթին մասին։ Վերոյիշեալ խորհրդածութիւններուն հրաւիրուած են մասնակցելու նաեւ Կարտինալական դասը, Արքեպիսկոպոսները, Եպիսկոպոսները, Վատիկանի Ժողովներու քարտուղարները, եւ Հռոմի Քուրիայի կղերական դասը ինչպէս նաեւ Քահանայապետական միաբանութիւններու մեծաւորները։

Առաւօտեան` Յիսնակաց խորհրդածութեան մասնակցելէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը, Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը, ապա 10,30-ին, ընդունեց` Տիար Էքմելէտտին Իհսանողլու` Իսլամական համգործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քրտուղարն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Իսկ ժամը 11-ին ըդնունեց Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի փոխ նախագահները գերապայծառ Տավիտ Տակլաս Գրոզպի եւ գերապայծառ Լիոնէլ եւ վերոյիշեալ դասի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փադրիք Բաուէրս։ Այս այցելութեամբ կ՛եզրափակուի անցեալ 3 դեկտեմբերին սկիզբ առած Գանատայի եպիսկոպոսական դասի պատուիրակութեան տարեկան այցելութիւնը։

Ժամը 11,30-ին, Սրբազան Հայրը ընդունեց` “Lux Vide” հաստատութեան պատուոյ նախագահ Տիար Էթթորէ Պէրնապէյ հուսկ Գեմենդինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Ծննդեան տօնածառի նուիրատո`ւ Գերմանիոյ Պավիէրա շրջանէն ժամանած 350 ուխտաւորներուն։

Յայտնենք թէ այսօր` 13 դեկտեմբեր 2013, Ֆրանչիսկոս Պապը կը նշէ իր քահանայութեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցութեան 44 տարեդարձը` որ տեղի ունեցած էր 13 դեկտեմբեր 1969-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.